2010-01-20 13:35:34

Էջ մը հայ գրականութենէն` Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) բանաստեղծին անմահ սէրը գեղեցիկին ու կեանքին


Էջ մը հայ գրականութենէն` Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) բանաստեղծին անմահ սէրը գեղեցիկին ու կեանքին



16 յունուարին ամբողջացաւ ծննդեան 116-րդ տարեդարձը հայ գրականութեան անմահներէն՝ Մատթէոս Զարիֆեանի, որ իր ինքնատիպ քնարերգութեամբ մինչեւ այսօր կը յուզէ ու կը գեղեցկացնէ ներաշխարհը ընթերցողին, ի՛նչ տարիքի տէր ալ ըլլայ Զարիֆեան կարդացողը։

Մատթէոս Զարիֆեան միայն երեսուն տարի ապրեցաւ։ Թոքախտը արագօրէն հիւծեց մարմինը մարզիկի կենսունակութեամբ օժտուած երիտասարդին, որ նաեւ յաւակնորդ էր ողիմպիական մրցանակի։

Թէեւ մահը վաղաժամ առաւ ու տարաւ հայ քնարերգութեան տաղանդաւոր այս ներկայացուցիչը, բայց Մատթէոս Զարիֆեան գիտցաւ ու կրցաւ բանաստեղծականօրէն շնչաւորել իր ճակտին գրուած կեանքի կարճատեւ ժամանակը։

Եւ մահամերձ բանաստեղծի իր գողտրիկ ստեղծագործութիւններով արժանաւորապէս յաւերժացաւ իբրեւ հայ հոգիին սիրոյ ու քնքշանքի շնորհալի երգիչը։

Յատկապէս 27 տարեկանէն ետք սկսաւ թափով ստեղծագործել եւ իր կեանքի վերջալոյսին, երեք տարիներու ընթացքին, լոյս ընծայեց իր Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգերն (1921) ու Կեանքի ու մահուան երգերը (1922), որոնք մնայուն պատուանդանը դարձան մեծ բանաստեղծին։

Ծնած էր 1894-ին, ԿէտիկՓաշա (Պոլիս)։ Թաղային վարժարանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, յաճախած էր Պէրպէրեան վարժարան, Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարան, Պոլսոյ Ռոպըրթ Քոլեճ եւ, ապա, վերստին Պէրպէրեան վարժարան, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1912-ին՝ մեծ մանկավարժ, հոգեբան եւ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան օրով։

Կենսուրախ եւ մարզիկի ընդունակութիւններով օժտուած՝ Զարիֆեան մասնակցած էր ողիմպիական մրցախաղերու եւ՝ մրցանակներու տիրացած։ Այդ մրցապայքարներէն մէկուն ընթացքին, երեք քայլ ոստումի ժամանակ, 1913-ին, երբ արդէն կրթական ասպարէզին նուիրուած էր Ատանայի մէջ, Զարիֆեան առաջին անգամ կրծքավանդակի ուժեղ ցաւ զգաց։ Թոքախտի առաջին այդ ազդանշանը ստիպեց 19-ամեայ երիտասարդին, որ ուսուցչական ասպարէզը կիսատ թողու եւ անցնի Լիբանան՝ բուժուելու համար։

Յառաջացող հիւանդութիւնը եւ կեանքէն վաղաժամ հեռանալու խոր զգացումը հոգեմտաւոր մեծ լարում յառաջացուցին Մ. Զարիֆեանի մէջ։ Անսպառ եռանդով փարեցաւ ե՛ւ ազգային ծառայութեան համար իր ընտրած ուսուցչական ասպարէզին, ե՛ւ յատկապէս գրականստեղծագործական աշխատանքին՝ իր առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս ընծայելով ինչպէս Նաւասարդ գրական հանդէսի։

Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը շատ արագ սիրուեցաւ ընթերցողին կողմէ, նոյնպէս եւ անմիջապէս արժանացաւ իր ժամանակի ամէնէն խստապահանջ քննադատներու գնահատանքին։

Պատճառը կամ բացատրութիւնը պէտք է փնտռել հաւասարապէս թէ՛ ի վերուստ իրեն շնորհուած տաղանդին, թէ՛ կեանքի անողոք հարուածին գործած ազդեցութեան մէջ։

Սէրը, քնքշանքը, կեանքին փարումը, բնութեան պաշտամունքը եւ մարդկայնութիւնը Զարիֆեանի գրչին տակ բացին էապէս իւրայատուկ յուզաշխարհ մը։ Անշուշտ կայ եւ ուժեղ շեշտով կեանքէն զրկուելու դառնութեան ու տրտմութեան զգացումը, բայց որ բնաւ պատճառ չեղաւ, որպէսզի Զարիֆեան կորսնցնէ իր դժբախտ ճակատագիրը ասպետականօրէն դիմագրաւելու ներքին ազնուականութիւնը, հոգեկան խաղաղութիւնը։

Հեգնանք խորագրուած իր երկու տուն քերթուածը այնքա՜ն հարազատօրէն եւ քնարական շունչով կը բանայ ինքնատիպ այս յուզաշխարհը Զարիֆեանի.



Քանի՜ կաճի ցաւը մարմնիս,

Ժպիտն աչքիս վարդ կ'ըլլայ.

Ցուրտ հոգիէս կ'անցնի Մայիս,

Ու լոյս կ'իյնայ ճակտիս վրայ...



Եւ այս վարդով, այս գարունով,

Կը հեգնեմ Ան որ կու գայ,

Ան որ կու գայ՝ հողին քունով

Քնացընել Ցաւն հսկայ...։

Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը եղաւ պարզ ու հաղորդական՝ թէ՛ իր լեզուով ու ոճով, թէ՛ իր խոհական ու պատկերաւոր գիւտերով։ Վճիտ ու զուլալ առուակի պէս հոսեցաւ եւ կը շարունակէ նոյնպիսի թարմութեամբ հոսիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.